2009-08-07 11:55:01

Քահանայական տարին - Քրիստոսի առաքելութիւնը` խորհրդածութիւն։


Քահանայական տարին - Քրիստոսի առաքելութիւնը` խորհրդածութիւն։

Քրիստոսի առաքելութիւնը սկսաւ, երբ փրկութեան Աւետարանը, կամ ‘Բարի լուր’ը, սկսաւ քարոզել: Առաջին իսկ օրերէն, իր շուրջը խմբեց մարդիկ, որոնք, իրմէ վերջ, իր գործը կը շարունակէին: Շատ կարեւոր էր գործը: Ահա թէ ինչո՞ւ, իր կոչը չ’ուղղած, երկար աղօթեց: Կանչեց ում որ ուզեց:

Այս տասներկուքը Քրիստոս դաստիարակեց: Անոնց յայտնեց իր ամենէն գաղտնի մտածումները: Անոնց տուաւ նաեւ յատուկ կարողութիւններ: Ի մէջ այլոց, Աւագ Հինգշաբթի օրուայ վերջին ընթրիքին, անոնց պատուիրեց՝ հացը իր Մարմնին եւ գինին իր Արիւնին փոխել: Իր Յարութենէն ետք, անոնց փոխանցեց մեղքերը թողլու կարողութիւնը: Համբաձման օրը, անոնց յայտարարեց. ‘Գացէ՛ք բոլոր աշխարհ. սորվեցուցէ՛ք անոնց ինչ որ ձեզի սորվեցուցի. մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ’: Պետրոսը նշանակեց որպէս Հովիւը ամբողջ հօտին: Ինչպէս նաեւ անոնց խոստացաւ՝ թէ հետերնին պիտի ըլլար մինչեւ աշխարհիս վերջը:

Այս տասներկուքին տեղ ուրիշներ ընտրուեցան, որպէսզի ամէն դարուն Յիսուսի վկաները եւ Եկեղեցւոյ պետերն ըլլային Անոնք, Աստուծոյ զօրութիւնը զգեցած՝ եղան եւ են աշխարհի մէջ այն մարդիկը, որոնց պաշտօնն է Քրսիտոսի սէրը ծանօթացնել եւ հոգիներուն փրկութեան վրայ հսկել:

Եկեղեցին կը շարունակէ իր գործը, ինչպէս սկսած էր. ինչպէս էր երէկ, է նոյնը այսօր. եւ պիտի ըլլայ վաղը: Քրիստոսի պատգամը հաւատարմօրէն կը փոխանցուի դարէ դար, եւ Եկեղեցւոյ հպատակած ամէն մարդ միացած է Քրիստոսի: Յիսուս Քրիստոս Տէրն է աշխարհի. անով է միայն ճշմարտութիւնն ու խաղաղութիւնը:

Եկեղեցւոյ ծագումէն ի վեր, Առաքեալներուն յաջորդող Եպիսկոսները միեւնոյն իշխանութիւններն ունին: Անոնց նման՝ պատօնն ունին Քրիստոսի վարդապետութիւնը տարածելու, եւ իրենց թեմերուն մէջ քրիստոնէական կեանքը կազմակերպելու: Չարչարուող եւ փառաւորուած Քրիստոսի միացած՝ Եպիսկոպոսը միջնորդն է Աստուծոյ եւ անոր ժողովուրդին, զոր կ’ընծայէ եւ որուն համար կ’աղօթէ:

Եկեղեցւոյ առաջին տարիներէն ի վեր, կը տեսնուին նաեւ Առաքեալին կամ Եպիսկոպոսին մօտ՝ անոր օգնող գործակիցներ: Անոնք են քահանաներն ու սարկաւագները: Այսպէս, Քրիստոս միշտ ներկայ է ժողովուրդին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.